Քու այն ներողամիտ աչքերուն ու ժպիտին արժանանալու համար՝ տուի, ինչ որ ունէի: Տուի աղքատին, տուի զրկուածին, տուի բոլորին եւ, սակայն, այդ բոլորին մէջ Քեզ չգտայ, Տէ՜ր:
Երբ վերադարձայ խնճոյքին, տեսայ, որ գինիին ու կիներուն մարմնեղէն համանուագը, որ տարածուած էր մարմնիս մէջ, դանդաղեցաւ, եւ հետզհետէ աւելի պայծառացաւ ծանր դէմքը մուրացկանին:
Ես կը զգամ յաւիտենականութիւնը, երբ պատճառ կþըլլամ երանութեան բարեկամին, հեռաւորին, անծանօթին, անկեալին, հիւանդին, հարուստին ու աղքատին: Այն ատեն անոնց դէմքերուն վրայ կարծես Քու ժպիտին գծերը կը տեսնեմ, Տէ՜ր:
Ինչպէ՞ս զգալ քայքայումը այդ երանութեան, մոխրանալը իմ բոցեղէն երազներուն եւ հատնումը Քու շունչին:
Երբ ցորենահատը հողին մէջ կþիյնայ, անոր մէջ կը սկսի խլրտիլ մարմնային տենչ մը, որ յաւիտենականութիւնն է: Այդ տենչանքն է, որ սերմին մէջ կը պայթի թաքնուած երազին պէս՝ կանանչ ու ոսկեգոյն:
Իմ տխրութեան մէջ, Տէ՜ր, իմ խորհուրդները աւելի գեղեցկացուցիր:
Ես ուրիշին ցաւ չէի կրնար պատճառել, երբ զգացի իմ վէրքերուն կոտտանքը ¥սաստիկ ցավ- խմբ.¤ իմ մարմնին վրայ:
Ռուսաստանը սկզբունքորեն չի կարող զիջել «Զանգեզուրի միջանցք» կոչեցյալը թուրքական աշխարհին ու գլոբալ արևմուտքին, քանի որ դրա հետ կապված գլոբալ ռիսկերը նույն կարգի են, ինչ ուկրաինական դեպքում, քանի որ այն ուղիղ ճանապարհ է բացում դեպի Կասպից ծովի ավազանն ու դեպի Միջին Ասիա՝ դրանից բխող բոլոր հետևանքներով...